Համազգայինի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութիւնը ուրախ է յայտարարելու, որ այս տարուան «Կալա» ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 29 Սեպտեմբերի երեկոյեան, ժամը 5էն սկսեալ, Հոլիվուտի «Տաղլեան» սրահին մէջ․ հասցէ՝ Taglyan Complex 1201 N. Vine Street Los Angeles։
«Կալա» ձեռնարկին նպատակը հանգանակութիւն՝ դրամահաւաքի կարեւոր արշաւ կատարելն է՝ հիմնելու համար Համազգայինի մշակութային կեդրոնը՝ «Համազգայինի Մշակոյթի եւ Արուեստի Տունը», վայր մը ուր պիտի կարենանք բազմազան մշակութային գործունէութիւն պահպանել եւ ուր ստեղծագործութիւնը եւ աւանդոյթը պիտի ծաղկին կողք կողքի՝ խթանելով մեր հայկական ինքնութեան հանդէպ հպարտութեան զգացումը եւ պատկանելութեան ոգին:
Այժմ, ձեռք ձեռքի տալու պահն է՝ քար առ քար ընդարձակելու համար նշեալ արշաւը, մասնաւորաբար հայ համայնքի այս կարեւոր միջավայրին եւ ամրոցին համար, որովհետեւ Համազգայինը տակաւին շատ բան ունի տալիք հայ կեանքին` իր ունեցած մշակութային ուրոյն դերակատարութեամբ:
Եկէ՜ք միասին կառուցենք «Համազգայինի Մշակոյթի եւ Արուեստի Տունը»՝ մեր ապագայ սերունդներուն համար, հաւատարիմ մնալով մեր առաքելութեան եւ Համազգայինի խորիմաստ լօզունգին, «Լոյսով՝ Լոյսին»:
Տոմսերու համար դիմել (800) 778-5674 հեռաձայնի թիւին:
Բարերարները կրնան նաեւ աջակցիլ նուիրատուութեամբ՝ այցելելով կայքէջը։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ







