1968 թուական: Եգիպտոսի մէջ Համազգայինի հիմնադրութենէն 40 տարիներ ետք:
Քանի մը հայաբնակ գաղութներու թիւը սկսած էր աճ արձանագրել, մինչ ուրիշներ՝ նօսրանալու ճամբուն վրայ կը գտնուէին: Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըսը սկսած էր հետզհետէ աւելի հայահոծ դառնալ եւ հայ մշակոյթով գօտեպնդուելու, ապրելու, գոյատեւելու պահանջը օրէ օր աւելի ցայտուն կը դառնար: Առ այս, Հայ մշակոյթի հանդէպ սէր տածող ու անով շնչող հայ բարեկամներ կը մէկտեղուին ու երկար խորհրդակցելէ ետք, կը մտադրեն տարբեր գաղութներու մէջ արդէն իսկ մշակութային գործունէութիւն տանող խմբակներով Համազգային Հայ Մշակութային Ընկերակցութեան մասնաճիւղ մը հիմնել Լոս Անճելըսի մէջ:
Բարենպատակ ու կառուցողական ծրագիր մը անպայման կը հասնի իր նպատակին: Մշակութասէր այս խըմբակը խորհրդակցական իր վերջին հանդիպումին՝ 1968 Դեկտեմբերի սկիզբը, գործնական առաջին քայլը կ’առնէ եւ կը նշանակէ առժամեայ յանձնախումբ մը, որուն առաջնահերթ պարտականութիւնն էր՝ մշակել միութեան ծրագիրն ու կանոնագիրը, ապա՝ նախապատրաստական աշխատանքներ տանիլ ընդհանուր անդամական ժողով մը գումարելու համար:
Ծրագիր-Կանոնագիրի սեւագիր մը պատրաստելէ ետք, այս յանձնախումբը ժողովի կը հրաւիրէ գաղութին ծանօթ դէմքերն ու մշակութասէր բարեկամները: Ծանօթացման եւ Համազգայինի հիմնադրութեան առաջին ժողով-հաւաքը տեղի կ’ունենայ 21 Փետրուար 1969-ին, 1501 Venice Blvd. Los Angeles հասցէագրուած՝ Լոս Անճելըսի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս:
13 Ապրիլ 1969-ին, նոյն կեդրոնէն ներս կը կայանայ մասնաճիւղի անդրանիկ անդամական ժողովը՝ 110 անդամներու ներկայութեամբ: Ժողովի բացումին՝ տոքթ. Վահէ Չիւրիւքեան ներկաներուն կը փոխանցէ «Համազգային»ի նպատակն ու ի գործ դրուելիք ծրագիրները, իսկ Բաբգէն Սասունին կը զեկուցէ մինչեւ ընդհանուր ժողովի կայանալը տեղի ունեցած խորհրդակցական հանդիպումներու մասին, ուրկէ ծնունդ կ’առնէ Լոս Անճելըսի Համազգայինի մասնաճիւղը եւ կը մշակուի ու բաւական կը բիւրեղանայ անոր Ծրագիր-Կանոնագիրի նախագիծը:
Այնուհետեւ, Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Ընդհանուր ժողովը կ’ընտրէ 1969-1970 տարեշրջանի իր անդրանիկ
վարչութիւնը, ապա անոր դիւանը հետեւեալ ձեւով.-
-
- Տոքթ. Վահէ Չիւրիւքեան – Նախագահ
- Պրն. Բաբգէն Սասունի – Փոխ Նախագահ եւ Քարտուղար
- Պրն. Պետրոս Ալահայտոյեան – Քարտուղար
- Տոքթ. Հրայր Աթիկեան – Քարտուղար (անգլերէնով)
- Պրն. Պարգեւ Մկրտիչեան – Գանձապահ
Տեարք Յակոբ Ինճեճիկեան, Արա Մանաշ, Յակոբ Մանճիկեան, Յակոբ Մելքոնեան եւ Զոհրապ Շամմասեան՝
Խորհրդականներ:
Այս վարչական կազմը իր գործունէութիւնը շարունակած է 1970-1971 տարեշրջանին եւս:
1970-ականներէն մինչեւ 80-ական թուականները, Միջին Արեւելքի ու Պարսկաստանի քաղաքական եւ
տնտեսական ծանօթ տագնապներու հետեւանքով, հայահոծ այս գաղութներու հայորդիները մեծաւ մասամբ հաստատուեցան Արեւմտեան Ամերիկա եւ գաղութին կազմակերպումը դարձուցին հրամայական:
1980-ին, Կեդրոնական վարչութեան թելադրութեամբ, Գուրգէն Գասապեան խորհրդակցական ժողովներու կը հրաւիրէ մինչ այդ գործող մասնաճիւղերը: 12 Յունուար 1981-ին գումարուած երրորդ խորհրդակցական ժողովին կը յայտարարուի առաջին Շրջանային վարչութեան նշանակովի կազմը, որուն ատենապետութիւնը կը ստանձնէ Գուրգէն Գասապեան: Աւելի ուշ, նշանակովի այս վարչութեան հրաւէրով, կը գումարուի Առաջին Պատգամաւորական ժողովը, որուն ներկայ կ’ըլլան 40 պատգամաւորներ եւ 7 մասնաճիւղերէ լիազօր ներկայացուցիչներ: (Վարչութեանց ցանկերը տեսնել յաջորդ էջերով):
Հիմնադիր ու յաջորդող Շրջանային վարչութիւնները աննկուն ջանքերով կազմակերպած են փառատօներ,
յոբելենական հանդիսութիւններ, գիրքերու հրատարակութիւններ: Գոյութիւն ունեցող՝ Լոս Անճելըսի (1968), Սան Ֆրանսիքոյի (1974) եւ Կլենտէյլի (1976) մասնաճիւղերու կողքին, ծնունդ առած են Ֆրեզնոյի (1981), Հովիտի (Էնսինօ 1982), Մոնթեպելոյի (1982-1995, վերակազմակերպուած 2019-ին), Փասատինայի (1985), Լա Քրեսէնթայի (1992-2000, ապա՝ միացած Կլենտէյլի), Պըրպէնքի (1992-2000, ապա՝ միացած Կլենտէյլի) եւ Օրէնճ Քաունթիի (1993) մասնաճիւղերը:
1978-ին «Անի» պարախումբը կը միանայ Համազգայինին. 1987-ին կեանքի կը կոչուի երաժշտական միաւո-
րը, որ ընդարձակ գործունէութիւն կը ծաւալէ շրջանէն ներս, ապա Արուեստի ու Արդի, ինչպէս նաեւ հայկական ժող-գործիքներու միաւորները, աւելի ուշ՝ Թատերական (2001), Աւանդոյթներու (2002) միաւորները, որոնց գործօն ու որակեալ ներկայութեամբ գաղութը կ’արձանագրէ մշակութային մեծ վերելք:
Վերեւ նշուած վարչական թէ կազմակերպական բոլոր աշխատանքները (փորձեր, ժողովատեղի) սկզբնա-
կան շրջանին կատարուած են յաճախ վարչականներու բնակարաններու, ապա եւ մինչեւ օրս՝ հայ կեդրոններու սրահներու մէջ:
Համազգայինը՝ իր 55-րդ ամեակը կը տօնախմբէ հարստացած նոր ճիւղաւորումներով, երգչախմբային եւ
պարային պատանեաց նոր խումբերով, արուեստի եւ լեզուի նոր դասընթացքներով, սակայն՝ «անտուն», առանց իր սեփական կեդրոնը ունենալու: Այսուհանդերձ, հայահոծ այս շրջանի ներուժէն զօրացած, Համազգայինը անվհատ կամքով կը նայի գալիքին, իր յառաջիկայ գործունէութեան մէջ հրամայական դարձուցած մշակութային կեդրոնի ծրագիրն ու զայն Համազգայինի սեփականութիւնը դարձնելը:
Մենք յաւերժ ենք մեր մշակոյթով:
Եւ մշակոյթի մեր սեփական տունը երաշխի՛քն է մեր աւելի եւս ծաղկումին ու բարգաւաճման: